2012-05-08 12:51:03

Կղերի Քահանայապետական Ժողովի Կառավարիչը Կը Հրաւիրէ Քահանաները <<Յարգանք>> Ցուցաբերելու։


Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի բնագիրները կարդալ ծունկի։

Կղերի Քահանայապետական Ժողովի Կառավարիչը` Կարտինալ Մաուրօ Բիաչէնցան նամակ մը յղած է կղերին որուն մէջ հրաւիրած է քահանաները <<հնազանդելու>> եւ <<յարգելու>> Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի բնագիրները ու Սրբազան Քահանայապետի ուսուցումներն ու վարդապետութիւնը։
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին ծիրանաւորը մատնանշած է թէ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի բնագիրները կարդացուելու են ծունկի ու ընդուելու են այնպէս ինչպէս ներկայացուցծ են եկեղեցիէն ու ոչ թէ ամէն մէկուն ազատ մեկնաբանութեամբ։ Կարտինալ Մաուրօ Բիաչէնցայի գնահատումով <<Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի խօսքերը, ապահով ճանապարհի վրայ առաջնորդող կողմնացույց մըն են։>>








All the contents on this site are copyrighted ©.